Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ո՛չ ժամկէտային զինուոր, ո՛չ պահեստազօրը ներկայիս ներգրաւուած չեն եւ պիտի չներգրաւուին Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութեան:
«Կ'ուզեմ ընդգծել, որ ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորները չեն մասնակցիր եւ պիտի չմասնակցին մարտական գործողութիւններուն, իսկ պահեստազօրի լրացուցիչ զօրակոչ պիտի չըլլայ: Յանձնարարուած խնդիրները կը լուծեն միայն արհեստավարժ զինուորականները», ըսած է Ռուսաստանի ղեկավարը Մարտ 8-ի կապակցութեամբ կանանց ուղղուած իր տեսաուղերձին մէջ:
Ռուսաստանի նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ «անոնք յուսալիօրէն կ'ապահովեն Ռուսաստանի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»:
Փութինը դիմած է ռուս այն զինուորներու եւ սպաներու մայրերուն, կանանց, քոյրերուն, հարսնցուներուն եւ ընկերուհիներուն, «որոնք այժմ մարտի մէջ են` պաշտպանելով Ռուսաստանը յատուկ ռազմական գործողութեան ժամանակ»:
«Ես կը հասկնամ, թէ ինչպէս կ'անհանգստանաք ձեր սիրելիներուն համար, դուք կրնաք հպարտանալ իրենցմով, ինչպէս որ ամբողջ երկիրը ձեզի հետ միասին կը հպարտանայ եւ կ'անհանգստանայ անոնց համար», ընդգծա է երկրին ղեկավարը: