Շուրջ 3,8 հազար ուքրանացի բանտարկյալներ վաղաժամկէտ ազատ արձակուած են Ուքրանիոյ մէջ հաւանութեան արժանացած զօրահաւաքի մասին օրէնքի շրջածիրէն ներս, որպէսզի լրացնեն Ուքրանիոյ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ առկայ բացերը, գրած է Guardian թերթը:
Ինչպէս նշած է հրատարակութիւնը՝ վկայակոչելով Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը, Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն անդամակցելու հետաքրքրութիւն յայտնած են 5,9 հազար կալանաւորներ, սակայն անոնցմէ մի քանին մերժած են առողջական վիճակի պատճառով:
Աւելի վաղ բրիտանական Financial Times թերթը, վկայակոչելով Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարար Տենիս Մալեուսքան, յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յոյս ունին զինուած ուժերու շարքերուն մէջ ներգրաւել շուրջ 15 հազար դատապարտեալ: