ՆԱԹՕ-ի ղեկավարը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ մարտերը կրնան դուրս գալ վերահսկողութենէ եւ վերածուիլ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ պատերազմի:
Ինչպէս նշած է apnews.com-ը, այս մասին ըսուած է հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ։
«Ամէն ինչ կրնայ սարսափելիօրէն սխալ ընթանալ: Ուքրանիոյ մէջ սարսափելի պատերազմ է: Այս պատերազմը կրնայ վերածուիլ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ մեծ պատերազմի: Մենք ամէն օր կ'աշխատինք ատոր վրայ՝ անկէ խուսափելու համար», -ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ նորվեկեան NRK հեռուստաընկերութեան:
Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ Սթոլթենպըրկը հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ «կասկած չկայ, որ լիարժէք պատերազմը հնարաւոր է»՝ աւելցնելով, որ կարեւոր է խուսափիլ հակամարտութենէն, «որ կը ներգրաւէ եւրոպական աւելի շատ երկիրներ եւ կը դառնայ լիարժէք պատերազմ Եւրոպայի մէջ»:
Քրեմլինը բազմիցս մեղադրած է ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները այն բանի համար, որ անոնք դարձած են հակամարտութեան կողմ՝ Ուքրանիային զէնք տրամադրելով, անոր զօրքերը մարզելով եւ ռազմական հետախուզութիւն տրամադրելով ռուսական ուժերու վրայ յարձակվելու համար: