Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարը անդրադարձած է Մոսկուայի հետ բանակցութիւններու հաւանականութեան: Անտրիյ Երմաքի խօսքով՝ Ուքրանիոյ անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցով որեւէ փոխզիջում չի կրնար ըլլալ:
Միեւնոյն ժամանակ, ան աւելցուցած է, որ Քիեւ հնարաւորութիւն կը փնտռէ՝ Ռուսիոյ ներկայացնելու իր խաղաղութեան ծրագիրը, սակայն դաշնակիցներու հետ համաձայնեցնելէ յետոյ։
«Կը կարծենք՝ այդ կրնայ տեղի ունենալ երկրորդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս»,- աւելցուցած է ան։
Երմաք աւելցուցած է, որ ուքրանական կողմը բաց է նաեւ Փեքինի հետ երկխօսութեան համար՝ չնայած չինական պատուիրակութեան բացակայութեան Զուիցերիոյ գագաթնաժողովին: Պաշտօնեային խօսքով՝ ուքրանական կողմը կը ցանկայ Չինաստանի պէս հզօր երկիրը ներգրաւել խաղաղութեան գործընթացին մէջ :