image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան կրնայ միանալ Եւրոմիութեան 2030 թուականէն ետք. Սիքորսքի

Ուքրանիան կրնայ միանալ Եւրոմիութեան 2030 թուականէն ետք. Սիքորսքի

Ուքրանիան հնարաւորութիւն ունի միանալու Եւրոպական միութեան յաջորդ տասնամեակի սկիզբը, այսինքն՝ 2030 թուականէն յետոյ։

Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Լեհաստանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի։

Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ քաղաքական գործիչն ընդգծած է, որ Ուքրանիան արդէն թեկնածուի կարգավիճակ ունի, ինչ որ կարեւոր քայլ է անդամակցութեան ճանապարհին: