Յունուար 16-ին, Վորոնեժի մէջ անօդաչու սարքերու գրոհ տեղի ունեցած է. առաջին պայթումները որոտացած տեղի ժամանակով գիշերուան երկուքին: Երեք ժամ անց տեղի ունեցած է երկրորդ գրոհը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:
Ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ոչնչացուցած են Ուքրանիոյ հինգ, որսացած՝ երեք անօդաչու:
Անօդաչուներէն մէկու բեկորներն ինկած են բնակելի շէնքի ութերորդ յարկի պատշգամբ, հրդեհ բռնկած է։ Տուժած է 10-ամեայ աղջիկ, որ քնացած եղած է սենեակին մէջ։ Ան ձեռքի, ոտքի եւ պարանոցի վնասուածքներ ստացած է։
Բարձրայարկ շէնքի բնակիչները տարհանուած են եւ ժամանակաւորապէս տեղաւորուած մօտակայ դպրոցին մէջ։
Յարձակումէն ետք Վորոնեժի մէջ արտակարգ դրութիւն մտցուած է։ Բնակիչներուն տունէ տուն այցելութիւնները կը շարունակուին: