Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի պաշտօնեաները կը կարծեն, որ ուքրանական զինուած ուժերը երկուշաբթի հակայարձակում սկսած է՝ նպատակ ունենալով կտրել ցամաքային միջանցքը, որ կը կ'ապէ Խրիմը եւ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող այլ տարածքները: Այդ մասին յայտնած է The Washington Post-ը։
Ուքրանացի զինուորականները երկուշաբթի՝ 5 յունիսին սկսած են շարժիլ հարաւ քանի մը ուղղութիւններով: Ուքրանիոյ ռազմավարութեան մէկ մասն է ուժերու տեղաշարժը եւ՝ ամենակարեւոր թիրախները հարուածելը, գրած է թերթը։
Ամերիկացի պաշտօնեաներուն «ոգեւորած» են ուքրանական զինուորականներու առաջին յառաջխաղացման մասին տեղեկութիւնները, որոնք, ըստ Ուաշինկթընի, սպասուածէն աւելին էին, նշած է թերթը։ Պարբերականի տուեալներով՝ ուքրանական զօրքերը կրնան շարունակել յարձակումը Մարիուփոլի, Մելիթոփոլի եւ Ազովի ծովու ափամերձ այլ վայրերու վրայ, որ, ի վերջոյ, կտրեն դէպի Խրիմ ցամաքային միջանցքը։
Յունիս 6-ին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուն ըսած է, որ երեք օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը ետ մղած են Ուքրանիոյ զինուած ուժերու «վաղուց խոստացուած հակայարձակման» բոլոր փորձերը, ուքրանական կողմի կորուստները կազմած են 3715 մարդ, 259 զրահամեքենայ, 134 հետեւակի մարտական մեքենայ, 48 դաշտային հրետանի, ինչպէս նաեւ 60 օդանաւ։