image

Ուքրանական ուժեր գրոհ կազմակերպած են Մարիոփոլի ուղղութեամբ

Ուքրանական ուժեր գրոհ կազմակերպած են Մարիոփոլի ուղղութեամբ

Ուքրանիոյ զինուած ուժերն ուրբաթ երեկոյեան հեռահար հրթիռներով գրոհած են Մարիոփոլը։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչը։

«Երկու հեռահար հրթիռներ խոցած են Մարիոփոլը»,- ըսած է ան։

Ուքրանիոյ ռազմական յանցագործութիւններու հետ կապուած հարցերու վերահսկման եւ համակարգման միացեալ կեդրոնի թելեկրամեան ալիքը տեղադրուած տուալներու համաձայն՝ հարուածը հասցուած է ժամը 20:10-ին հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ։