image

Ուաշինկթըն խոստացած է գրաւոր պատասխանել Ռուսաստանի պահանջներուն

Ուաշինկթըն խոստացած է գրաւոր պատասխանել Ռուսաստանի պահանջներուն

Ուրբաթ օրը Ժընեւի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի հետ հանդիպումէն յետոյ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ ամերիկեան կողմը խոստացած է յաջորդ շաբաթ գրաւոր պատասխան ներկայացնել ռուսական «անվտանգութեան երաշխիքներու պահանջներուն»։

Ռուսաստանցի պաշտօնատարը հաստատած է՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնները Ռուսաստանի հնարաւոր ներխուժման վերաբերեալ։ Լաւրովի խօսքով՝ ռուս պաշտօնատարները երբեք չեն սպառնացած «ուքրանացի ժողովուրդին», ռուսաստանցի պաշտօնատարը նշած է, որ Մոսկուան բազմիցս յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ դէմ յարձակում չի ծրագրեր։

Պլինքընի խօսքով՝ հանդիպման նպատակն էր հասկնալ՝ արդեօք Ռուսաստանը պատրա՞ստ է շարունակելու երթալ դիւանագիտական ճանապարհով։ Պետական քարտուղարը նշած է՝ ԱՄՆ-ն ու դաշնակիցները պատրաստ են բանակցելու ռուսաստանեան պահանջներուն շուրջ, յաւպելելով, որ Արեւմուտքը եւս առաջարկներ ունի Ռուսաստանին։