image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդի կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը․ Արցախի նախագահ

Ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդի կողմէ ստեղծուած հանրապետութիւնը․ Արցախի նախագահ

Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիները այսօր՝ հոկտեմբեր 20-ին, բողոքի ցոյց իրականացուցած են Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան դիմաց։ Անոնք իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած են Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագրի, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերու եւ պետական աշխատողներու աշխատանքէ ազատման վերաբերեալ։

Ցոյցի մասնակիցները ճեղքած են ոստիկաններու պատնէշը եւ մուտք գործած են շէնք։ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը արցախցիները ներկայացուցչութեան բակ հրաւիրելէ ետք հանդէս եկած է յայտարարութիւններով։

«Այդ փաստաթղթի հետ կապուած ահագին հարցեր կան, բայց ես շատ բան չեմ կարող ասել։ Ոչ մի փաստաթղթով չի կարող լուծարուել ժողովրդի կողմից ստեղծուած հանրապետութիւնը։ Սրա պատասխանը ես տալու եմ հանրային ձեւով՝ Հ1-ի տաղաւարում։ Առաջիկայում ես այս բոլոր հարցերին անդրադառնալու եմ»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքով՝ լուծարման մասին փաստաթուղթն ընդունուած է ռազմական գործողութիւնները կանգնեցնելու նպատակով։

«Եթէ մենք կարողանայինք յաղթել այդ ռազմական գործողութիւններում, մենք մինչեւ վերջ կանգնելու էինք, թող ոչ մէկի մօտ կասկած չառաջանայ։ Մենք խնայել ենք մեր տղերքին, մեր քաղաքացիական բնակչութեանը»,- յայտարարած է Շահրամանեանը։

 

 «Ամէն ինչ չէ, որ մեզնից էր կախուած»

Խումբ մը քաղաքացիներ նոր ընդունեցինք եւ պարզաբանումներ տուինք իրենց հնչեցուցած հիմնական հարցերուն, որ մեծամասամբ կը վերաբերէր ընկերային վիճակին: Մեր լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս մենք բոլոր հարցերուն տուինք պատասխաններ, -յայտնած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը։

«Մենք պատրաստ ենք նաեւ ձեր հարցերը գոյքագրենք ու ներկայացնենք համապատասխան տեղ։ Ամէն ինչ չի, որ մեզանից է կախուած, բայց մենք փորձելու ենք ձեր հարցերին լուծում տանք։ Այդ նպատակով որոշել ենք, որ այստեղ տրամադրելու ենք 2 սենեակ, եւ այն քաղաքացիները, որ կամաւոր ցանկութիւն են յայտնել զբաղուել ձեր հարցերով, գոյքագրեն ներկայացնեն մեզ՝ հետագայ ընթացքաւորման նպատակով, ունենալու են այդ հնարաւորութիւնը»,- նշած է ան։

Արցախի նախագահը հայրենակիցներուն կոչ ըրած է սթափ եւ զգօն ըլլալ այս հարցերու շուրջ, պէտք չէ դիմել սադրանքներու, սա մեզի բնորոշ չէ, մենք իրաւունք չունինք իրար մէջ նման գործելաոճ դրսեւորել:

Անոր խօսքով՝  մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ չվտանգենք ՀՀ-ն եւ Արցախի հետագայ ճակատագիրը: Ան հաւաքուածներէն խնդրած է քաղաքացիական հասկացողութիւն այս հարցի շուրջ:

«Այս իրավիճակից դուրս գալու համար մեզ պէտք է միայն միասնութիւն: Ես յայտարարում եմ՝ այն ինչը օրինական պահանջ է ձեր կողմից, ձեր կողքին կանգնած եմ, ինչը անօրինական է՝ չեմ կարող այդ ամէնում ներգրաւուել»,- յորդորած է Շահրամանեանը։