Օրերս Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՌԱԿ կուսակցական գործիչ, հրապարակագիր Ներսէս Պապայեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Զարթօնք»էն, որ մասնավորապէս կը գրէ՝
Սրտի խոր կսկիծով ԶԱՐԹՕՆՔ կը գուժէ եռանդուն կուսակցական գործիչ, ՌԱԿ Մամուլի օրկաններու՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի, ՊԱՅՔԱՐ-ի, ՆՈՐ ՕՐ-ի եւ The Armenian Mirror Spectator-ի աշխատակից եւ քաջածանօթ հրապարակագիր ընկ. Ներսէս Պապայեանի անակնկալ մահուան բօթը: Ան իր մահկանացուն կնքած է Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ, 8 Նոյեմբեր 2023-ին:
Ընկ. Ներսէս Պապայեան արժանաւոր շառաւիղն էր Պապայեան երախտաշատ ընտանիքին, զաւակը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանին:
Իր ցնցիչ մահուան տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքին անունով, մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք Ողբ. Ընկ. Ներսէսին տիկնոջ ու զաւակներուն, իր քրոջ՝ Փրոֆ. Սիլվա Պապայեան-Գարայեանին ու իր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ Ընկ. Արա եւ Սոնիա Պապայեաններուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Անհուն կարօտով միշտ պիտի յիշենք հոգեհարազատ ընկեր Ներսէսին: Մեր թերթերուն մէջ պիտի փնտռենք իր ստորագրած՝ ՆԱՄԱԿ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ծանօթ սիւնակը, որ ափսոս պիտի ալ չերեւայ: