image

Ոչ եւս է Լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեստագիտուհի ՝ Կիւլէն Տէր Պօղոսեան

Նշենք, որ արուեստի դասատու Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան քոյրն էր լիբանանահայ անուանի նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, որ իր մահկանացուն կնքած էր այս տարուան յունուարին։ Եղբայր եւ քոյր Թորոսեանները մաս կը կազմեն Լիբանանի արդի ժամանակներու արուեստի  միջավայրին ու անոնց ձեռագիրը կը յատկանշուի մասնաւորապէս ,որպէս երփնագրում եւ վկայութիւն Լիբանանի 60-ականներու արուեստի զարթօնքին ու ապա նաեւ յետ պատերազմեան Լիբանանը վերակերտուած կերպով նկարելու, քանդակելու եւ ներկայացնելու մեծ ճիգերով։

 Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի արուեստի շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի ծանօթ անուն հանդիսացող քանդակագործուհի- արուեստագէտ Կիւլէն Թորոսեան- Տէր Պօղոսեան (Ծն. 1951-ին ՝Պէյրութ) 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Նշենք, որ արուեստի դասատու Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան քոյրն էր լիբանանահայ անուանի նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, որ իր մահկանացուն կնքած էր այս տարուան յունուարին։ Եղբայր եւ քոյր Թորոսեանները մաս կը կազմեն Լիբանանի արդի ժամանակներու արուեստի  միջավայրին ու անոնց ձեռագիրը կը յատկանշուի մասնաւորապէս ,որպէս երփնագրում եւ վկայութիւն Լիբանանի 60-ականներու արուեստի զարթօնքին ու ապա նաեւ յետ պատերազմեան Լիբանանը վերակերտուած կերպով նկարելու, քանդակելու եւ ներկայացնելու մեծ ճիգերով։

 Կիւլէն Թորոսեան  եղած է կինը    դարձեալ  լիբանանահայ   նկարիչ ՝ Շահէ Տէր Պօղոսեանին եւ  ունեցած են շնորհալի երկու դուստրեր ՝ Նանօր եւ Մարալ։

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի յուլիսին Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատունը։