Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ յարգուած բժիշկ, մասնագիտութեամբ ոսկրաբան՝ Տօքթ. Հրաչ Տիրարեանը (Ծնեալ Հալէպ 1950-ին)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։
Հալէպ ծնած բժիշկը, իր երկրորդական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Վարժարանէն ներս (Կիպրոս)։ Ան եղած է փայլուն մարզիկ եւ նուիրեալ միութենական։
Ուսման առաջին փուլէն ետք ան երեւանի ԵՊՀ-էն ներս կը հետեւի բժշկական դասընթացքներուն, եւ կը վկայուի, որպէս մասնագէտ՝ ոսկրաբան։
Ապա կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ, ուր կը ծառայէ համայնքին ու կը մասնակցի ՀԲԸՄ-ի աշխատանքներուն։
Ծառայասէր էր, յարգուած ու բոլորին հանդէպ սիրայօժար ու կամեցող։
«Քորոնա» ժահրի տարածման ամենածանր օրերուն, երբ Հալէպ քաղաքն ալ իր «բաժին»ը կ՚ունենար այդ մահաբեր վարակէն Բժիշկ Հրաչ չի զլանար եւ հարցազրոյց մը կու տար «Արեւելք»ին պատմելով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակին ու նաեւ մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։
Հարցազրոյցը կը վերահրատարկենք յարգելու համար ազնիւ բժիշկին յիշատակը եւ յարգանքի բաժին մը ցոյց տալով անոր նուիրական առաքելութեան եւ անցած ճանապարհին։