image

Ո՞վ ստացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը

Ո՞վ ստացաւ Նոպէլեան  խաղաղութեան մրցանակը

2024 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը շնորհուած է ճափոնական Nihon Hidankyo միութեան. այն երկար տարիներ աշխարհին կը պատմէ միջուկային զէնքի վտանգի մասին՝ օգտագործելով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի աթոմային ռմբակոծութիւններու զոհերու պատմութիւններու օրինակները։

Nihon Hidankyo կը պայքարի միջուկային զինաթափման համար, գրած է dw.com-ը։

Որոշումն ուրբաթ յայտարարած է Օսլոյի մէջ Նոպէլեան կոմիտէն, որու ներկայացուցիչն ընդգծած է, որ Nihon Hidankyo-ն անխոնջ կը պայքարի առանց միջուկային զէնքի աշխարհի համար, այն ժամանակ, երբ միջուկային տէրութիւնները կը մեծցնեն իրենց միջուկային հնարաւորութիւնները եւ կը կատարելագործեն զէնքերը:

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին այս տարի առաջադրուած էր 286 թեկնածու։