«Հակակոռուպցիոն (զեղծարարութեան դէմ) դատարան»ը 2024 թուականի մայիս 15-ին վարոյթ ընդունած է Ընդհանուր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:
Ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձէն բռնագանձել՝
1 անշարժ գոյք Երեւանի կեդրոնին մէջ, իսկ անհնարինութեան պարագային՝ գոյքի միջին շուկայական արժէքը՝ 181 մլն 125 հազար դրամ.
ԱՄՆ Մասաչուսեթս նահանգին մէջ գտնուող բնակելի տարածքը, իսկ անհնարինութեան պարագային՝ գոյքի ձեռքբերման արժէքը՝ 2 մլն 50 հազար ԱՄՆ տոլարին համարժէք 940 մլն 909 հազար դրամ.
255 մլն 454 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ.
172 մլն 486 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում եւ հնարաւոր չէ բռնագանձել, քանի որ 2004-2022 թուականներու ընթացքին փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի եւ/կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել՝ բռնագանձումը տարածելով նաեւ համատեղ կեանքի ընթացքին Լ.Գ.-ի անուամբ առեւտրային դրամատուներու մէջ առկայ դրամական միջոցներու, գոյքերու վրայ: