image

«Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն կնքելը՝ համաձայնութեան վերադառնալ կը նշանակէ». Ապտըլ Լահեան

«Վիեննայի  մէջ համաձայնութիւն կնքելը՝  համաձայնութեան վերադառնալ կը նշանակէ». Ապտըլ Լահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան ընդգծած է Վիեննայի բանակցութիւններու արդիւնքով որեւէ լաւ համաձայնագրի անհրաժեշտութիւնը, որ կը ներառէ վերադարձ 2015 թուականի միջուկային համաձայնագրին՝ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման դիմաց։

Իրանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ Ապտըլ Լահեան Օմանի իր գործընկեր Պատր պըն Համատ ալ-Պուսայիտիի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ «լաւ համաձայնութեան հասնիլը կը նշանակէ, որ Իրանի միջուկային ծրագիրը պիտի ընթանայ 2015 թուականի միջուկային համաձայնագրին համաձայն, Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղարկման դիմաց»։

Ամիր Ապտըլ Լահեան յաւելած է. «Թեհրանը պատրաստ է լաւ համաձայնութեան հասնելու, որ անոր հնարաւորութիւն կու տայ լիովին օգտուելու 2015-ի համաձայնագրի տնտեսական օգուտներէն եւ ամբողջութեամբ վերջ դնելու հակառակ կողմի հնարաւոր մտահոգութիւններուն»:

Իր հերթին, Ալ-Պուսայիտին հաստատած է, որ «Օման կ'աջակցի Վիեննայի մէջ ընթացող միջուկային բանակցութիւններուն եւ Իրանի լրջութեան՝ բանակցութիւնները այնպիսի արդիւնքներու հասցնելու հարցով, որոնք մեծ լաւատեսութիւն կը պահանջեն»:

Քանի մը օր առաջ Իրան մեղադրած է եւրոպական երկիրները միջուկային համաձայնագրի վերականգնման ուղղուած ջանքերու լոյսին տակ որեւէ կառուցողական առաջարկ կամ նախաձեռնութիւն չներկայացնելու մէջ։

Վիեննայի մէջ Իրանի գլխաւոր բանակցող Ալի Պաղերի Կիրակի օր ըսած է, որ իր երկիրը կրցած է լաւ յառաջընթացի հասնիլ բանակցութիւններուն մէջ՝ համարելով, որ այս յառաջընթացը «կրնայ արագ հող նախապատրաստել լուրջ բանակցութիւններու համար»: