image

Վերջին հրաժեշտ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններէն՝ Գերպ. Տ.Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանին(Լուսանկարներ)

Վերջին հրաժեշտ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններէն՝ Գերպ. Տ.Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանին(Լուսանկարներ)

Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած է վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը Միաբանութեան հաւատաւոր եւ երիցագոյն անդամներէն՝ Գերպ. Տ. Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Կիլիկիա» հարթակէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

«Ահա հրաժեշտ կու տամ քեզի՝ Ս. Եկեղեցի։ Ահա կը մեկնիմ ես, հայրե՛րս, եղբայրնե՛րս եւ որդինե՛րս։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար, եւ մեր Փրկիչ Քրիստոսը պիտի օրհնէ ձեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ յուզումնախառն այս բառերով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու մտերիկ հոգելոյս Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ։

Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ի կէսօրին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուեցան հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւնները։ Միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու հոգեթով շարականներու երգակցութեամբ եւ լուսարարապետ սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ, հայ եկեղեցւոյ սրբալոյս Միւռոնը վերջին անգամ ըլլալով դրոշմուեցաւ վախճանեալ հայր սուրբին ճակատին ու ձեռքերուն։ Վերջին օծման արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետն ու միաբան հայրերը վախճանեալ հայր սուրբին Միւռոնաօծ ճակատն ու ձեռքը համբուրելով՝ մատուցեցին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը։

Ապա, դամբանական խօսեցաւ լուսարարապետ սրբազան հայրը։ Անոր խօսքին առանցքը դարձան Պօղոս առաքեալի բառերը. «ես եկեղեցիին ծառայ եղայ՝ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած պարտականութիւն, որպէսզի իր ամբողջութեանը մէջ ձեզի քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը» (Կղ 1.25). եւ 1963 թուականէն, որպէս հոգեւոր զինուորը Քրիստոսի, հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ան ծառայեց աւելի քան կէս դար եւ տեւաբար քարոզեց Քրիստոսի խօսքը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսաւ քարոզիչ սրբազանը։ Ներկայացնելէ ետք լուսահոգի հայր սուրբին կենսագրական գիծերը եւ ունեցած եկեղեցական ու ազգային աւելի քան կէս դարեայ գործունէութիւնը՝ սրբազան հայրը յուզումով յիշեց իր եւ հայր սուրբին Դպրեվանք ընդունելութեան համար քննութիւն դիմելու առաջին օրը, երբ հայր սուրբը երգեց «Նոր Լուսաբացին Արեւին Առաջ» երգը։ Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ վախճանեալ հայր սուրբը «մեր Ս. Աթոռին նուիրեալ միաբաններէն մէկն էր եւ կը մնայ նուիրեալ իր յիշատակը։ Ան այս Կաթողիկոսութեան որպէս հոգեւոր զինուորը, հազիւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած առաքելութեան ղրկուեցաւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ սիրով գնաց, ուր որ ղրկուեցաւ, եւ ծառայեց նուիրումով։ Եղիշէ հայր սուրբին ծառայութիւնը ի նպաստ հայ եկեղեցիին ես կը կոչեմ նուիրեա՛լ ծառայութիւն։ Ան սիրով եւ նուիրումով լուռ ու մունջ ծառայեց՝ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ ի վկայութիւն Աստուածաշունչի քարոզութեան»։

Վերջապէս, Կոմիտաս Արք. յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան եւ անձնապէս խորազգաց ցաւակցութիւն ու վշտակցութիւն յայտնեց լուսահոգի հայր Եղիշէի ընտանիքին եւ աղօթեց, որ Աստուած հայր սուրբին հոգին արժանի ընէ երկինքի արքայութեան, եւ Վեհափառ Հայրապետին ու միաբանակից եղբայրներուն մաղթեց Քրիստոսի Յարութեան շունչով նպատակասլաց ծառայութիւն։

Ս. Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերը իրենց հոգեւոր եղբօր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին «Զարեհեան» յուշարձան-դամբարան, ուր Հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Գերեզմանի Կարգը, ինչպէս նաեւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։

Եկեղեցական արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։

Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւններ։