image

Վատիկան. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. ողջոյններ փոխանցեց Հռոմի Լեւոն Պապին

 Վատիկան. Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. ողջոյններ փոխանցեց Հռոմի Լեւոն Պապին

 Օրեր առաջ,  աշխարհով մէկ տարածուած բազում եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ մասնակցութիւն բերին Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապի գահակալութեան արարողութեան։

 Այդ արարողութեանց մասնակցութիւն բերելու համար Նիւ Եորքէն  Վատիկան   ժամանած էր նաեւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի (Կիլիկեան Աթոռի) Թեմակալ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանը։

 Բարեջան Առաջնորդը այս բարեբաստիկ առթիւ մօտեցած էր Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ու Կիլիկեան Աթոռի Գահակալին ողջոյնները փոխանցած։

 Նորաւիշ եռանդ կը մաղթենք Սրբազան հօր եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ Արեւելեան Թեմի հակիրճ գրութիւնը։

 

Arevelk.am

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ողջոյններն ու եղբայրական աղօթքները փոփանցեցին Լեւոն ԺԴ. Պապին իր գահակալութենէն ետք Կիրակի, 18 Մայիսին։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բառախաղ մը ընելով Ս. Գրքին մէջ հոմանիշ «հով» եւ «ոգի» բառերուն միջեւ, նորընտիր Պապին յայտնեց. «Ձերդ Սրբութիւն, քանի որ դուք զաւակ մըն էք Հովի Քաղաքին [Շիքակօ], կ՚աղօթեմ, որպէսզի ձեր քահանայապետութեան շրջանին Սուրբ Հովը աւելի ազդու կերպով գերակշռէ մարդկութեան վրայ եւ յատկապէս քրիստոնէութեան կեանքին մէջ»։