image
Հրատապ լուրեր:

Վարդան Ղուկասեանը՝ Դօկը նոր կուսակցութիւն պիտի հիմնէ

Վարդան Ղուկասեանը՝ Դօկը նոր կուսակցութիւն պիտի հիմնէ

Վարդան Ղուկասեանը հրաժարած է «Հանրային ձայն»էն եւ պիտի ստեղծէ նոր՝ «Դեմոկրատիա, օրէնք եւ կարգապահութիւն» (ԴՕԿ) կուսակցութիւնը։

Այս մասին «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան ժողովին տեսակապի միջոցով յայտարարած է կուսակցութեան հիմնադիր, խորհուրդի անդամ Վարդան Ղուկասեանը։

«Դատական հայց ունեցող կուսակցութիւնը չի կարող գրանցուել որպէս կուսակցութիւն՝ ընտրութիւններին մասնակցելու համար։ Ես որոշեցի իմ արած-դրած, իմ ստեղծած կուսակցութիւնից հրաժարուել ու ստեղծել նորը»,-ըսած է ան։ 

Անոր խօսքով՝ իր նոր կուսակցութիւնը համալրուած պիտի ըլլայ նոր երիտասարդ ուժերով, արդէն ստուգուած, «որպէսզի այլեւս ոչ մէկը չկարողանայ ինչ-որ պրիտենզիաներ ներկայացնել, որ ինքն է դա արել»։

Կուսակցութեան առաջին համագումարը նախատեսուած է մարտ 5–ին։