«Ազատութիւն»-ը կը յայտնէ, որ վարչական դատարանը վարոյթ ընդունած է Էտմոն Մարուքեանի ներկայացուցած դիմումը, որով կը վիճարկուի ՀՀ կառավարութեան՝ Արարատ լեռան պատկերը սահմանային անցակէտերու կնիքէն հանելու վերաբերեալ որոշումը:
Վիճարկուող որոշմամբ կը նախատեսուի Արարատ լեռան պատկերը հեռացնել ՀՀ պետական սահմանը հատելու կնիքի վրայէն 1 Նոյեմբեր 2025-էն սկսեալ:
Միեւնոյն ժամանակ, Վարչական դատարանը մերժած է Էտմոն Մարուքեանի միջնորդութիւնը՝ վիճարկուող ակտի գործողութիւնը կասեցնելու վերաբերեալ։ Այսպիսով, թիւ 1299-Ն որոշումը ուժի մէջ պէտք է մտնէ 2025 թուականի 1 Նոյեմբերէն։ Մարուքեան պիտի բողոքարկէ Դատարանի՝ վիճարկուող ակտի գործողութիւնը չկասեցնելու վերաբերեալ միջանկեալ որոշումը: