image

Վանի Սուրբ Թովմաս եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ. Լսող կա՞յ

Վանի Սուրբ Թովմաս եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ. Լսող կա՞յ

Լրագրող Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք 

    Վանի Հայոց Սուրբ Թովմաս եկեղեցւոյ մասին է խօսքը։ 

Կովեր, պարտէզ, այգի, անասուններու կեր, պահեստ կամ «թուալէդ»։ 

 Արձագանգը այս մասին իմ լաւ ընկեր Արա Սարաֆեանը կատարած է ու մեղադրանքի սլաքներ ուղղած Սփիւռքի ղեկավարութեան։

Անհիմն է մեղադրանքը, որովհետեւ այս վանքին հարցով ամենառաջ պարտաւոր են գործ ընել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կամ համայնքն առհասարակ Գում Գաբուի եկեղեցական ղեկավարութեան գլխաւորութեամբ։ 

Որովհետեւ նման պարագաներու, սփիւռքեան կառոյցներու միջամուխ ըլլալը աւելիով կը բարդացնէ հարցը։ 

Ամենակարեւորն այն է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը բաւարար ներուժ ունի այս եւ նման պատմական կառոյցներ, եկեղեցիներ, վանքեր կամ դպրոցներ իր հովանիին տակ առնելու կամ ոչ։ 

Իսկ աւելի խելօք արարքը նման դարաւոր կառոյցները, որպէս պատմական վայր ճանչնալու դրոյթն է, որ օգուտ կրնայ բերել բոլորին։

Հասկացողաց բարեւ։