image

Վալերի Փեքրեսի հասցէին Ատրպէյճանի արտայայտութիւնները անընդունելի

Վալերի Փեքրեսի հասցէին Ատրպէյճանի արտայայտութիւնները անընդունելի

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անընդունելի կը համարէ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փեքրեսի հասցէին Ատրպէյճանի արտայայտութիւնները այն բանէն ետք երբ ան այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն կ'ակնկալէ, որ այսուհետ ֆրանսացի խորհրդարանականներն ու պաշտօնեաները նախապէս կը տեղեկացնեն հանրապետութեան իշխանութիւնները իրենց ուղեւորութիւններուն մասին։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանը։

«Նախագահ Ալիեւի խօսքերը կը վերաբերին ընտրուած պաշտօնեային եւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուին. անոնք ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի են։ Ես այդ մասին տեղեկացուցած եմ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը», ըսած է ան։

Նախարարը յիշեցուցած է նաեւ, որ ֆրանսացի պատգամաւորներն ու պաշտօնեաները պարբերաբար կը ծանուցեն ԱԳՆ-ին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւններուն մասին՝ անկախ անոնց նպատակէն՝ որպէս օրինակ բերելով Ծերակոյտին մէջ (Վերին պալատ) «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Ռեթայոյի եւ Ֆրանսայի ԱԳՆ պետական քարտուղար Քլեման Պոնի Հայաստան կատարած այցերը։ Ի պատասխան՝ հարց տուող հանրապետական պատգամաւոր Էրիք Սյոթթին ըսած է, որ «թեկնածու Փեքրեսը չի պատրաստուիր ճամբորդութեան թոյլտուութիւն խնդրել թեկնածու Մաքրոնէն»։