image

Վախի արդիւնքով. Գողերը վերադարձուցած են Քրիստոսի արեան հետքերը ունեցող սրբապատկերները

Վախի արդիւնքով. Գողերը վերադարձուցած են Քրիստոսի արեան հետքերը ունեցող սրբապատկերները

 Յիսուսի արեան հետքերը կրող սրբապատկերնները գողցողները, վախնալով անեծքէն, ետ վերադարձուցած են Ֆրանսայի Ֆեքամփի աբբայութեան: Այս մասին գրած է «Artnet»-ը: 

Գողութենէն ետք, ինչպէս Արթուր Պրենտը պատմած է «Artnet»-ին, սկսած է անանուն նամակներ ստանալ, որոնց մէջ կը պնդուի, որ ինք իր մօտ արժէքաւոր մասունքներ ունի: 

Իմանալով, որ կրօնական իրերու գողութիւնը կրնայ դժբախտութիւն պատճառել, գողերը դիմած են Պրենտին՝ սրբապատկերները վերադարձնելու մտադրութեամբ։ 

«Տան մէջ գողցուած մասունքը, մասնաւորապէս Յիսուսի արիւնը, անէծք է», -ըսած է Պրենտ «AFP»-ին: