image

«Տուպայն այլեւս ապահով վայր մը չէ...» Այդպէս արտայայտուած են Հուսիները

 «Տուպայն այլեւս ապահով վայր մը չէ...» Այդպէս արտայայտուած են Հուսիները

Ուրեմն Երէկ Եէմէնի ՀՈՒՍԻ զինեալներու կողմէ եղած գրոհներուն մասին ԱՅՍՕՐ կարեւոր տուեալներ տրուած են եւ Մեծ թիւով ընկերներու  հարցերուն պատասխանելով ըսեմ, որ Ապու Տապիի հարուածներուն կողքին հարուածի տակ եղած է Տուպայի (Դուբայի) օդակայանը, ինչպէս նաեւ Մասֆահ (Ապու Տապի) շրջանի մէջ գտնուող նաւթարդիւնաբերական կարեւոր կէտ մը։ 

 Նաւթակէտի հարուածները եղած են Պալիսթեան հրթիռներով (Իրանեան «Զուլ Ֆիքար» տիպի), իսկ օդակայանի հարուածները եղած են ԱԹՍ-ներով։ 

 Շատ հաւանաբար Օդակայանի մէկ պահեստանոցը հարուածած են, եւ ոչ թէ գլխաւոր մուտքի կեդրոնը։ 

 Զոհերը եղած են երեք անձեր ( 2 Հնդիկներ եւ Փաքիստանցի մը)   եւ այս բոլորէն ետք Հուսիներու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, որ երէկուան ընդհանուր ընթացքով Տուպայն այլեւս ապահով վայր մը չէ։

 

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն։