image

Տուպայ իրանեան հարուածներու տակ 

Տուպայ իրանեան հարուածներու տակ 

 

Առաւօտեան Տուպայի մէջ ուժգին պայթումներ լսուած են։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ականատեսներ։

Իրան աւելի վաղ հաղորդած էր, որ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի հարուածներուն հետեւանքով պատասխան հարուածներ պիտի հասցնէ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։

Իր կարգին, BBC-ն, յղում ընելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն, կը հաղորդէ, որ Տուպայի օդակայանին մէջ պատահարի մը հետեւանքով 4 անձ վիրաւորուած է։ Թէ յստակ ի՛նչ միջադէպ տեղի ունեցած է, չի նշուիր, սակայն կը հաղորդուի, որ վիրաւորներուն բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է։

BBC-ն նաեւ կը հաղորդէ, որ Տուպայի Ճեպել Ալի նաւահանգիստին մէջ, ուր յաճախ կանգ կ՚առնեն ամերիկեան ռազմածովային ուժերու նաւերը, խոցուած է անօդաչու թռչող սարք մը։ ԱԹՍ-ի բեկորները ինկած են նաւամատոյցին վրայ՝ հրդեհի պատճառ դառնալով։ Կրակը մարուած է, տուժածներ չկան։

Աւելի վաղ մէկ այլ միջադէպ տեղի ունեցած էր Ապու Տապիի «Զայէտ» միջազգային օդակայանին մէջ։ Խոցուած ԱԹՍ-ի բեկորներուն պատճառով մէկ անձ զոհուած էր, իսկ եօթը՝ վիրաւորուած։