Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար, զօրավար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին նախազգուշացուցած է Իրանի սահմաններուն թշնամիներու որեւէ գործողութենէ:
«Իրանցի ազգին թշնամիները, անշուշտ, ջախջախիչ պատասխան պիտի ստանան եւ մեծ գին պիտի վճարեն, եթէ անգրագէտ, անխոհեմ գործողութիւններ կատարեն», գրած է ան Թուիթըրի իր էջով:
Յիշեցնենք, որ Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերը Ուրբաթ առաւօտեան Ատրպէյճանի սահմանին մօտ սկսած են «Խեյպարի» անուանումով լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: