image

«Ծանր պատասխան կը ստանան». Իրանցի զօրավարը կտրուկ խօսքով հանդէս եկաւ

«Ծանր պատասխան կը ստանան». Իրանցի զօրավարը կտրուկ խօսքով հանդէս եկաւ

Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար, զօրավար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին նախազգուշացուցած է Իրանի սահմաններուն թշնամիներու որեւէ գործողութենէ:

«Իրանցի ազգին թշնամիները, անշուշտ, ջախջախիչ պատասխան պիտի ստանան եւ մեծ գին պիտի վճարեն, եթէ անգրագէտ, անխոհեմ գործողութիւններ կատարեն», գրած է ան Թուիթըրի իր էջով:

Յիշեցնենք, որ Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերը Ուրբաթ առաւօտեան Ատրպէյճանի սահմանին մօտ սկսած են «Խեյպարի» անուանումով լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: