image

Տօքթ. Գարմէն Օհանեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ

Տօքթ. Գարմէն Օհանեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ

«Ասպարէզ» պարբերականէն վերահասու կը դառնանք, որ օրերս  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 56-րդ Շրջանային Ժողովի աւարտին ընտրուած Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ նշանակուած է տօքթ. Գարմէն Օհանեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք գումարուած ժողովին մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Լուսանկարին մէջ ՝ տօքթ. Գարմէն Օհանեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ նախկին հիւպատոս Արմէն Բայբուրթեան, ՀՅԴ գործիչներ՝ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Լեւոն Կիրակոսեան։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը 13-15 Յունուար շաբաթավերջին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ գումարեց իր 56րդ Շրջանային ժողովը` մասնակցութեամբ 128 պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալ ընկերներու:

Համահայկական եւ համագաղութային օրակարգերու համապարփակ քննութեան ծիրին մէջ, ժողովը քննեց նախորդ Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութիւնը, կազմակերպութեան առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ուղեգիծը ճշդեց:

Արցախի շարունակուող պաշարումին լոյսին տակ, ժողովը հաստատեց, թէ 44օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւնները հայութիւնը դրած են գոյութենական վտանգի տակ, զոր դիմագրաւելը կը պահանջէ իւրաքանչիւր հայու գործնական ներդրումը: Այս ծիրին մէջ, ժողովը շեշտեց յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին ուժերը համախմբելու եւ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, հայութեան դիմաց ծառացած հսկայական մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:

Ժողովին վաւերացուցած յայտարարութեան մէջ շեշտը կը դրուի հայութեան շահերը պաշտպանելու ջանքերուն նուիրուելու կարեւորութեան վրայ, ՀՅԴ Ծրագիրին համաձայն, ինչպէս նաեւ նպաստելու համար Հայաստանի պետական կառոյցները ամրապնդելու աշխատանքներուն վրայ (յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կու տանք ստորեւ):

Ժողովը նաեւ կատարեց կանոնագիրի բարեփոխումներ, նկատի ունենալով ներկայ իրականութիւնները, որոնց շարքին էր Կեդրոնական կոմիտէի եւ տեղական կոմիտէներու անդամներուն պաշտօնավարութեան տարիներու սահմանափակումը:

Իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկու տարիներուն համար Կեդրոնական կոմիտէի 11 հոգինոց հետեւեալ կազմը. տոքթ. Քարմէն Օհանեան (ներկայացուցիչ), Արթօ Քէօլէեան (գանձապահ), դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան (քարտուղար), Վահան Պզտիկեան, Շահէն Տէրտէրեան, Կարօ Իսփէնճեան, Մանուկ Չուխաճեան, Թորոս Զ. Քէչէճեան, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, տոքթ. Հրայր Գութնույեան եւ Թամար Ուրիշեան: