Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ` դատաւոր Մանուէլ Շահվերտեանի նախագահութեամբ, Մարտ 29-ին տեղի ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շշաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի, զէնքի մատակարարմամբ զբաղող գործարար Դաւիթ Գալստեանի, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ Արտակ Դաւթեանի, Աւետիկ Մուրատեանի, Վլատիմիր Պապայեանի, Արտիոմ Համբարեանի գործով դատական նիստը:
Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ դատարանը մէկ ամիսով յետաձգած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը:
Սերկէյ Յովհաննիսեանը պատմեց, որ դատական նիստին Դաւիթ Տօնոյեանը առարկած է դատաւորի գործողութիւններուն դէմ, պնդելով, որ քրէական գործով անհարկի ձգձգումներ տեղի կ'ունենան: Ան յորդորած է դատարանին` յարգել իր ազատութեան իրաւունքը: