Կապոնի նախագահը տնային կալանքի տակ է այն բանէն ետք, երբ զինուորականները յայտարարեցին իշխանութիւնը զաւթելու մասին։
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած է France 24-էն, նախագահ Ալի Պոնկօն «ամբողջ աշխարհին մէջ երկրի բարեկամներուն» կոչ ըրած է«աղմուկ հանելու»։ Ան յայտնած է, որ կը խօսի իր նստավայրէն, եւ որ իր կինը եւ որդին տարբեր վայրերու մէջ են։
France 24 պարբերականը նաեւ հաղորդած է, որ նախագահի որդիներէն մէկը ձերբակալած են «պետական դաւաճանութեան» համար։
Ընտրական յանձնաժողովը պաշտօնապէս յայտարարած է 26 օգոստոսին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Ալի պեն Պոնկօ Օնտիմպայի յաղթանակի մասին, որու օգտին քուէարկած է ընտրողներու 64,27%-ը։ Ան վերընտրուած է երրորդ ժամկէտով։ Անկէ ետք զինուորականները հեռուստատեսութեամբ յայտարարեցին ընտրութիւններու արդիւնքները չեղարկելու եւ պետական բոլոր մարմինները ցրելու մասին։
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչ, ակադեմիկոս Ալպերթ Օնտօ Օսան հաւաքած է ձայներու 30,7 %-ը:
Կրակոցներ լսուած են մայրաքաղաք Լիպրեւիլի մէջ, խռովարարները փակած են սահմանները։ Առայժմ պարզ չէ, թէ յատկապէս ո՛ր քաղաքական ուժին կը սատարեն զինուորականները։