Այսօր երեկոյեան SpaceX-ի Falcon 9 հրթիռով տիեզերք պիտի արձակուի Հայաստանի մէջ եւ հայ մասնագէտներու կողմէ մշակուած առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»-ը։ Հայրենական առաջին արբանեակի թռիչքին հնարաւոր է հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումով, որ պիտի մեկնարկի ժամը 21:00-ին։
Յիշեցնենք, որ թռիչքն ի սկզբանէ նախատեսուած էր նոյեմբեր 29-ին, սակայն երկու օրով հետաձգուած էր։
«Հայասաթ-1» արբանեակը ստեղծուած է «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանի եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնի կողմէ:
«Հայասաթ-1»-ը տիեզերք պիտի ուղարկուի Միացեալ Նահանգներու Վանտընպըրկ ռազմաօդային կայանէն՝ SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով։ Արբանեակի վրայ գրուած է՝ ARMENIA IN SPACE FOR SCIENCE (Հայաստանը տիեզերքի մէջ`յանուն գիտութեան)։
«Հայասաթ-1»-ը հայկական երկրորդ արբանեակն է, որ պիտի արձակուի տիեզերք, սակայն այն առաջինն է, որ մշակուած ու ստեղծուած է հայ մասնագէտներու կողմէ՝ Հայաստանի մէջ։
«Հայասաթ-1» արբանեակը զինուած է անոր տարբեր կողմերու վրայ ինկող լոյսի խտութիւնը չափող տուիչներով, արբանեակի համար կողմնացոյցի դեր կատարող մագնիսաչափերով, արբանեակի պտոյտները մարող մագնիսադարձիչներով, տարբեր մոտուլներու առաւել խնդրայարոյց մասերու ջերմաստիճանները չափող տուիչներով, ինչպէս նաեւ կողմնորոշման փոփոխութիւները չափող տուիչներով։
Արբանեակն ունի երկրորդային օգտակար բեռ, որու չափումներու շնորհիւ տուեալներ պիտի ստացուին արբանեակի պտոյտներու, դիրքի եւ շարժման վերաբերեալ։ Այն կազմուած է GPS ընդունիչֆէ՝ իր ալեհաւաքներով հանդերձ, եւ Հայաստանի մէջ մշակուած ու ստեղծուած փորձնական չափիչ սարքէ (IMU)։
Եթէ վերջինիս փորձարկումը տիեզերքի ծանր պայմաններուն մէջ բարեյաջող անցնի, այն հնարաւոր կ՚ըլլայ հետագային օգտագործել հայրենական եւ այլ երկիրներու արբանեակներու մէջ։