image
Հրատապ լուրեր:

SpaceX-ն ուղեծիր հանած է Թուրքիոյ առաջին ազգային արբանեակը

SpaceX-ն ուղեծիր հանած է  Թուրքիոյ առաջին ազգային արբանեակը

Ամերիկեան SpaceX ընկերութիւնը Falcon 9 հրթիռակրով ուղեծիր դուրս բերած է Թուրքիոյ առաջին ազգային կապի արբանեակը, յայտնած է TRT-ն:

Ամբողջովին Թուրքիոյ ազգային միջոցներով ստեղծուած Türksat 6A արբանեակի մշակման նախագիծը պաշտօնապէս մեկնարկած է 2014 թուականի դեկտեմբեր 15-ին:

«Մենք յաջողութեամբ ստացանք առաջին ազդանշանը մեր արբանեակէն 67-րդ վայրկեանին, ինչպէս նախատեսուած էր», - գրած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։

Türksat 6A-ն պիտի ընդլայնէ թրքական արբանեակային լսարանի ծածկոյթը 3,5 միլիառէն մինչեւ 5 միլիառ մարդ Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ: