Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ԱՄՆ դիտակէտին Թուրքիոյ զինուած ուժերու կողմէ հարուած հասցնելուն մասին տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ ՌԻԱ Նովոստիի հաղորդմամբ՝ տեղեկութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը:
Ընկերային ցանցերու մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են, որ Թուրքիոյ ԶՈւ-ն, իբր, «Ճանկ-թուր» օդային գործողութեան ծիրէն ներս հարուած հասցուցած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ԱՄՆ դիտակէտին։
«Մեզի համար խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ դաշինքի ուժերուն կամ քաղաքացիական անձանց վնաս պատճառելու։ Մենք միայն մէկ թիրախ ունինք, եւ այդ ահաբեկիչներն են։ Ուր ալ որ ըլլայ ահաբեկիչը, ան մեր թիրախն է», - ըսած է Աքարը հեռուստաեթերով։
Թուրքիան 20 նոյեմբերէն ի վեր օդային գործողութիւն կ'իրականացնէ երկրին մէջ արգիլուած «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան» (ՔԱԿ) սուրիական թեւին դէմ Սուրիոյ հիւսիսին մէջ։ Կը հաղորդուէր Քոպանի քաղաքին, ինչպէս նաեւ Իրաքի հիւսիսին հասցուող հարուածներու մասին: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան գործողութիւնը յաջող անուանած է ու չի բացառեր, որ անոր յաջորդէ նաեւ ցամաքային գործողութիւնը: