image

Թուրքիոյ «ԻՅԻ» կուասկցութեան պատուիրակութիւնը Պատրիարքարան այցելեց

Թուրքիոյ «ԻՅԻ» կուասկցութեան պատուիրակութիւնը Պատրիարքարան այցելեց

Օրերս եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ՏԻՄ ընտրութիւններու նախօրէին «ԻՅԻ» կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է պատրիարքարան եւ ընդունուած Ն. Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին կողմէ։

Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Մարտ 2024, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց ԻՅԻ կուսակցութեան Կղզեաց Քաղաքապետութեան թեկնածու Այշէ Կիւլնուր Շաքիրը, որուն կ'ընկերանային կուսակցութեան Կղզեաց Շրջանի նախագահ՝ Մեհմէտ Կիւրհան Էօզթաշքըն եւ քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներ։ 

 

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ, Տամատեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն։ Իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անոնք փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան, տեղեկութիւն ստանալու՝ հայ համայնքի առօրեայ կեանքին մասին։ Այշէ Կիւլնուր Շաքիր եւ պատգամաւորութեան անդամները յայտնեցին թէ ծանօթ էին Իշխանաց Կղզեաց վրայ տիրող անկանոնութեանց եւ թերութեանց եւ պարզեցին իրենց մտածումները եւ ծրագիրները անկանոնութեանց բարձման ուղղութեամբ։ 

 

Մեր Հոգեւոր Պետը զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց Կղզեաց այժմու վիճակին ու կղզեբնակ ժողովուրդի ակնկալութեանց մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։