image

Թուրքիոյ ծառայութիւնները կը փնտռեն հայերէն լաւ իմացողներ

Թուրքիոյ ծառայութիւնները կը փնտռեն հայերէն լաւ իմացողներ

Համացանցի վրայ աշխուժօրէն կը շրջանառուին լուրեր, ըստ որոնց` թուրք-իսլմաներուն, որոնք լաւ կը տիրապետեն հայերէնին, բարձր աշխատավարձով աշխատանքներ կը խոստանան:

Դիմորդները պէտք է լաւ հայերէն, արեւելահայերէնի քերականութիւն իմանան, ցանկալի է՝ ըլլան ատրպէյճանցիներ:

Անոնք պէտք է տեղափոխուին Անգարա, եթէ ընտանիք ունին` ընտանիքով։ Առաջին մէկ ամիսը կրնան հանգստանալ, ծանօթանալ Թուրքիոյ, ամբողջը՝ պետութեան հաշուոյն: Աշխատավարձը 1000-2000 տոլար է, լաւ աշխատելու պարագային` կ'աւելնայ 20-30 տոկոսով: 

Ռուս ռազմական թղթակից, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ատրպէյճանական հրթիռէ վիրաւորուած Եուրի Քոթենոք կը նշէ, որ անոր ետին կանգնած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութիւնը` MİT-ը:

«Ահա այսպիսի յայտարարութիւններ կը տարածուին թրքամէտ խումբերու եւ խողովակներու միջոցով։ Թրքական MİT-ը (նման գրառումներու տակ անոր ականջները կ'երեւան) լուրջ գրասենեակ է եւ, ըստ երեւոյթին, շատ շուտով ականատես պիտի ըլլանք Հայաստանի դեմ ուղղուած տեղեկատուական արշաւներու քանակի եւ մասշտաբներու կտրուկ աճի», կը գրէ Քոթենոքը: