Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ըրած է «դադրեցնելու կախուածութիւնը Միացեալ Նահանգներէն» եւ Պաղեստինին լիարժէք կարգավիճակ տրամադրելու: Նման յայտարարութեամբ ան հանդէս եկած է D8 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ հանդիպման։
Աւելի վաղ ԱՄՆ վեթօ դրած էր այն բանաձեւին վրայ, որով կ'առաջարկուէր Պաղեստինը ընդունիլ ՄԱԿ-ի կազմէն ներս: Բրիտանիան եւ Զուիեցերիան ձեռնպահ մնացած են, անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամները կողմ քուէարկած:
«Ինչ որ պահ Պաղեստինը ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ պիտի դառնայ։ Մենք կոչ կ'ընենք աշխարհի երկիրներուն աջակցելու այդ որոշման։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է դադրեցնէ իր կախեալ ըլլալը մէկ երկիրէ եւ լսէ մեզի», - ըսած է Ֆիտան, որու խօսքը մէջբերած է ՌԻԱ Նովոսթի։
Թուրք նախարարի խօսքով՝ Իսրայէլ Կազայի մէջ խախտած է միջազգային իրաւունքի «բոլոր հնարաւոր նորմերը»:
Ան կոչ ըրած է գործընկերներուն ճգնաժամը լուծելու համար «ոչ չափանիշական մտածելու»՝ ընդգծելով համատարածաշրջանային ջանքերու կարեւորութիւնը:
D8 տնտեսական միութիւնը կը ներառէ Թուրքիան, Պանկլատէշը, Եգիպտոսը, Ինտոնեզիան, Իրանը, Մալեզիան, Նիկերը եւ Փաքիստանը:
Պաղեստին դիտորդի կարգավիճակ ունի ՄԱԿ-ի մէջ, մինչդեռ Իսրայէլ 1948 թուականէն ի վեր կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է: