Ուքրանիան արդէն գնած է թրքական Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերը, շաբաթ օր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի՝ Թուրքիա այցի ընթացքին անոր արտադրամաս այցը նախատեսուած չէ, «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած են թրքական անօդաչու թռչող սարքերու առաջատար Baykar ընկերութեան մամուլի ծառայութենէն:
«Զելենսքին պիտի չայցելէ մեր գործարան: Ատոր համար ոչ մէկ նախապատրաստութիւն կայ: Եթէ Ուքրանիոյ նախագահը քննարկէ ռազմական համագործակցութիւնը, ապա՝ ոչ թէ մեզի, այլ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Նախագահի աշխատակազմի հետ: Մեզի հետ կապուած է միայն անօդաչու թռչող սարքերու, այդ շարքին՝ հարուածայինի, գնումն է (ուքրանացիներու կողմէ): Բայց անոնք արդէն գնած են»,- յայտնած են Bayraktar-ի մամուլի ծառայութենէն:
Վլատիմիր Զելենսքին Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերու արտադրամաս այցելած էր 2019-ի օգոստոսին Թուրքիա կատարած այցի ընթացքին:
2019-ի յունուարին այն ժամանակվա նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոն յայտարարած է ուքրանական բանակի համար թրքական Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարքերու գնման վերաբերեալ Թուրքիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրելու մասին: Մարտին ան յայտարարած է անոնց մատակարարման եւ Ուքրանիոյ մէջ յաջող փորձարկման մասին: