Թուրքիան յանձնառու է Յունաստանի հետ Միջերկրական ծովու խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման եւ կը հրաւիրէ յունական կողմը հանդիպման Անգարայի մէջ՝ հարցերը լուծելու համար, յայտարարած է երկրի ազգային պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքար։ Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով Anadolu գործակալութիւնը։
«Չնայած բոլոր սադրանքներուն՝ մենք կ'առաջարկենք հանդիպիլ, հարցերը լուծելու խաղաղ ճանապարհով եւ միջոցներ ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման համար։ Կը հրաւիրենք Անգարայի մէջ հանդիպման։ Մենք կը ցանկանք, որպէսզի հանդիպումներուն խնդրայարոյց հարցեր քննարկուին եւ գտնեն իրենց լուծումը։ Մենք ընդամէնը այս կ'ըսենք: Չնայած մեր ողջ խաղաղ մօտեցման՝ անոնք կը շարունակեն խախտել մեր օդային տարածքը եւ տարածքային ջուրերը»,- յայտարարած է նախարարը։