image

Թուրքիան կողմ է Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտրային գործառնութիւններու հաստատման

Թուրքիան կողմ է Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտրային գործառնութիւններու հաստատման

Թուրքիան կողմ է Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտրային գործառնութիւններու հաստատման։ Այս մասին թրքական Anadolu լրատուական գործակալութեան յայտնած է այդ երկրի ԱԳՆ-ի աղբիւրը։

Անանուն բարձրաստիճան աղբիւրը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտուրը կրնայ փոխշահաւէտ ըլլալ։

Անոր խօսքով` այսօր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէ տարեկան շուրջ 230 մլն տոլար։ Երկու երկիրներու միջեւ տարեկան միջինը 15 000 բեռնատար կ'անցնի Վրաստանի տարածքով։

«Թուրքիոյ տեսանկիւնէ Հայաստանի հետ առեւտուրի ներկայիս ցուցանիշը համեմատաբար փոքր է, բայց իրականութեան մէջ խօսքը միլիոնաւոր բնակչութիւն ունեցող երկրի (Հայաստանի) շուկայի մասին է, եթէ կողմերը կարողանան ապահովել բաւարար ճկունութիւն եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները, ապա արդիւնքը կը բխի ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Հայաստանի շահերէն»,- ըսած է ան։