image

Թուրքիան համաձայն է, որ Ատրպէճան գտնուող իր զինուորներու կեցութիւնը երկարաձգուի

Թուրքիան համաձայն է, որ Ատրպէճան գտնուող իր զինուորներու կեցութիւնը երկարաձգուի

Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունած է նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ուղարկած օրէնքի նախագիծը՝ Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորականներու գտնուելու մանտաթը եւս մէկ տարիով երկարաձգելու վերաբերեալ: 

Օրէնքին մէջ նշուած է նաեւ Ակնայի մէջ (Աղտամ) թուրք-ռուսական համատեղ վերահսկողական կեդրոնի գործունէութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ «իր ներդրումը կը բերէ անվտանգութեան եւ կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ»:

Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորականներու գտնուելու ժամկէտը կը սպառէր Նոյեմբեր 17-ին: