Անգարան Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու չորս պայման սահմանած է ։
Այս մասին յայտնած է CNN Turk-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ մայրաքաղաքի դիւանագիտական աղբիւրները։
«Ըստ աղբիւրներուն, յարաբերութիւնները այն մակարդակին վերադարձնելու ճանապարհը, որ կար մինչեւ 2011 թուականը, կ'անցնի չորս հիմնական պայմանով.
Այսինքն՝ Թուրքիան չորս հիմնական ակնկալիք ունի յարաբերութիւններու կարգաւորումէն»,- հաղորդած է հեռատեսիլային ալիքը։
Այսպիսով, Անգարան Դամասկոսէն կ'ակնկալէ.
1. Ահաբեկչական տարրերու ամբողջական ոչնչացում Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանման համար:
2. Սուրիան պէտք է իրական ազգային հաշտութեան հասնի սեփական ժողովուրդին հետ օրինական պահանջներու հիման վրայ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւի ծիրէն ներս, վերադառնայ սահմանադրական բանակցութիւններուն եւ համաձայնութեան գայ ընդդիմութեան հետ:
3. Փախստականներու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծում:
4. Ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մարդասիրական օգնութեան մատակարարման անխափան շարունակութիւն։