Ռուսիոյ փոխվարչապետ Վիքթորիա Ապրամչենքօն ըսած է, որ Ռուսիան առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիայէն ռուբլիով վճարմամբ հացահատիկ մատակարարած է։ Անոր խօսքով՝ սա առաջին փորձն էր, որ բարեյաջող եղած է, գրած է gazeta.ru-ն:
«Թուրքիոյ հետ փորձը իրականացած է աշնան։ Կատարուած է մէկ գործարք, հաշուարկները կատարուած են ռուբլիով»,- ըսած է Ապրամչենքօն։
Ապրամչենքօն պարզաբանած է, որ այժմ Ռուսիա սննդամթերք կ'արտահանէ աշխարհի 150 երկիրներ, հիմնական՝ բարեկամ երկիրներ։ 2022 թուականին Ռուսիոյ Դաշնութենէն այդ երկիրներ արտահանուած է 21 միլիոն թոն պարէնամթերք եւ 14,5 միլիոն թոն պարարտանիւթ։
«Մենք կը յաղթահարենք հակառուսական պատժամիջոցներու պատճառով առաջացած դժուարութիւնները, այդ շարքին՝ նիւթատեխնիկական ապահովման հետ կապուած»,- ընդգծած է ան։