image

Թուրքիա կը շարունակէ գումարներ տրամադրել Սուրիացի գրոհայիններուն

Թուրքիա  կը շարունակէ գումարներ տրամադրել Սուրիացի  գրոհայիններուն

Թուրքիան այսպէս կոչուած «Սուրիական ազգային բանակի» գրոհայիններուն կ'ապահովէ 500 տոլար ամսական աշխատավարձով: Այս մասին ըսած է լրագրող եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Մուսթաֆա Պալպայը։

Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող գրոհայիններն «անցած ամիսներուն բողոքած են այդ աշխատավարձի դէմ՝ ըսելով, որ իրենք դժգոհ են աշխատավարձի չափէն»,- Cumhuriyet թերթը մէջբերած է իր լրագրող Պալպայի խօսքերը, որ ելոյթ ունեցած է Անգարայի մէջ փախստականներու խնդիրներով զբաղող խումբի նիստին։

Աւելի վաղ որպէս «Ազատ սուրիական բանակ» յայտնի այս խմբաւորումը կազմուած է աւելի քան 35 ընդդիմադիր խումբերէ, որոնք կը գործեն հիմնական Սուրիոյ հիւսիսը։ Անոնք մասնակցած են հարեւան երկրի տարածքի դէմ Թուրքիոյ ռազմական յարձակումներուն՝ «Եփրատի վահան», «Ձիթենիի ճիւղ» եւ «Խաղաղ գարուն» գործողութիւններուն 2017, 2018 եւ 2018 թուականներուն։

Այն կը մեղադրուի թրքական յարձակողական գործողութիւններու ժամանակ ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ։ Մասնաւորապէս, սուրիական գրոհայինները թալանած են տուներ եւ խանութներ, Թուրքիոյ յարձակումներու ժամանակ առեւանգած եւ կտտանքներու ենթարկած են քաղաքացիական անձանց՝ նախապէս քիւրտերու կողմէ վերահսկուող Աֆրինի մէջ։