image

Թուրքիա. Հանրակառքի արկածի հետեւանքով 7 անձ զոհուած է

Թուրքիա. Հանրակառքի արկածի հետեւանքով 7 անձ զոհուած է

Եօթ մարդ զոհուած է, եւ տասնմէկ մարդ տուժած է Թուրքիոյ մէջ հանրակառքի եւ բեռնատարներու բախման հետեւանքով: Այս մասին յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը:

Գործակալութիւնը հաղորդած է, որ վթարը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արեւելեան Աղրի նահանգի շրջանին մէջ՝ Վան-Աղրի երթեւեկող մարդատար հանրակառքի երկու բեռնատարներու մասնակցութեամբ:

«Ծանուցում ստանալէ ետք դէպքի վայր ուղարկուած են բազմաթիւ բժիշկներու, հրշէջներու եւ ոստիկանական խումբեր։ Հրշէջները մեծ ջանքեր գործադրելէ ետք կրցած են մարել բախման հետեւանքով առաջացած հանրակառքի հրդեհը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: