Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Հասան Քորքմազճանը յայտնած է, թէ Թուրքիան որ պարագային պէտք է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ։
Հասան Քորքմազճանը, որ ներկայիս Թալեաթ Փաշա միութեան նախագահն է, շեշտած է, որ Թուրքիան պէտք է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ միայն Հայաստանի կողմէ 4 նախապայմաններու կատարման պարագային։
1) Անմիջապէս իրականացնել 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները։
2) Հայաստանը պէտք է յարգէ Թուրքիիյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յայտնէ անոր մասին։
3) Հայաստանը պէտք է հրաժարի «ցեղասպանութեան պնդումներէն» քանի որ ՄԻԵԴ-ի մէջ Փերինչեք–Զուիցերիա դատական գործընթացին մէջ շեշտեց, որ այն սուտ է։
4) Պէտք է վերջ դնէ Թուրքիոյ դէմ թշանամանքին եւ ապամոնթաժէ Շիրակի մարզին մէջ տեղադրուած եւ թուրք ազգը նուաստացնող արձանը (Սողոմոն Թեհլերեանի արձանը–խմբ):