Թիֆլիսի «Ամիրեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է վիրահայ բեմադիրներ Դաւիթ Գուլիկեանի եւ Արթուր Մարտիրոսեանի նկարահանած «Շուշանիկ թագուհու գումարտակը» վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Սեպտեմբեր 30-ին, Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, Թիֆլիսի «Ամիրեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է վիրահայ բեմադիրներ Դաւիթ Գուլիկեանի եւ Արթուր Մարտիրոսեանի նկարահանած «Շուշանիկ թագուհու գումարտակը» վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
Ժապաւէնը նուիրուած է 1990-ականներու սկիզբը ընթացած Աբխազիոյ պատերազմին եւ Վրաստանի ամբողջականութեան համար մարտնչած ազգութեամբ հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն, որոնց մասնակցութեան եւ սխրագործութիւններու մասին կը վկայեն պատերազմի վեթերանները։
Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ դեսպան Աշոտ Սմբատեան յատկապէս նշած է, թէ այս ֆիլմը կրկին անգամ կ՚արձանագրէ այն անհերքելի ճշմարտութիւնը, որ վիրահայերը հիւրընկալ Վրաստանի հողին վրայ իրենց բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղբայր վրացի ժողովուրդի կողքին կանգնած են ու անմնացորդ սիրած այս երկիրը՝ երբեմն իրենց կեանքը զոհաբերելով, երբ սասանած է Վրաստանի ամբողջականութիւնը։
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է բեմադիրներուն եւ բոլոր անոնց որոնք աջակցած են այս գործին, ինչպէս նաեւ հովանաւորներուն եւ դահլիճին մէջ ներկայ վեթերաններուն։