Թիֆլիսի մէջ ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմին) ընտրութիւններուն դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Քուէարկութիւնը դեռ չաւարած՝ ցուցարարներն ամբողջութեամբ փակած են Ռուսթաւելիի պողոտան եւ յարակից Ազատութեան հրապարակը:
Բողոքի մասնակիցները ներխուժած են Վրաստանի նախագահի նստավայր: Իրաւապահները անոնց դէմ կիրառած են ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ:
Աւելի ուշ Վրաստանի յատուկ ջոկատայինները կարողացած են ցուցարարները հեռացնել նախագահական նստավայրէն եւ շրջափակել այն: