image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրանի մէջ յարձակած են Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ. կայ զոհ

Թեհրանի մէջ յարձակած են Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ. կայ զոհ

Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է, հաղորդած է Ատրպէյճանի ատաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ յարձակում գործած անձը ժամը 8:30-ին մուտք գործած է պահակակէտ, «Քալաշնիքով» ինքնաձիգով սպաննած է անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը:

Դեսպանատան եւս երկու աշխատող վիրաւորուած է, անոնց վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն նշած է, որ ներկային քննութիւն կ'ընթանայ:

Իրանեան Mehr գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Թեհրանի ոստիկանութեան պետը յայտարարած է, որ դեսպանատան վրայ յարձակում գործած անձը անմիջապէս ձերբակալուած է։ Ան հաստատած է, որ յարձակման հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, երկուքը՝ վիրաւորուած։

Թեհրանի ոստիկանապետը նշած է, որ յարձակում գործած անձը ներխուժած է, երբ դեսպանատան աշխատակիցներէն մէկը մուտք գործած է դեսպանատուն։ Անոր խօսքով՝ յարձակվողը դեսպանատուն մտած է իր երկու անչափահաս երեխաներու հետ. «Նախնական քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ յարձակողի շարժառիթը եղած են անձնական եւ ընտանեկան խնդիրներով պայմանաւորուած»։