Ռուսիա- Ռուսիոյ Սէյնթ Փիթըրսպըրկ քաղաքի բնակիչ Թամարա Սամսովովա ծանր մեղադրանքով կը դատուի: Ըստ CNN ARABIC կայանին Սամսովոնա կը մեղադրուի 11 անձեր մորթելու մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ 10 տարուան ընթացքին Սամսոնովա 11 անձեր մորթելէ ետք կերած է իր զոհերը: Դատարանին առջեւ վկայութիւն տալու ընթացքին Սամսոնովա յայտնած է, թէ ստիպուած եղած է իր զոհերը ուտել սովամահ չըլլալու համար: 68 -Ամեայ ծերունիին մասին վկայութիւն տուած իր հարեւանները յայտնած են, թէ ան հոգեկան լուրջ խախտումներ ունէր: Սամսոնովայի դատական գործը ընթացքի մէջ է եւ ոստիկանութիւնը սկսած է հետապնդել մինչեւ տարի առաջ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ չբացայայտուած սպաննութիւններու թղթածրարները: