image
Հրատապ լուրեր:

Տեղաշարժ չկայ. Փեսքով՝ Ուքրանիոյ հետ բանակցութեանց մասին

Տեղաշարժ չկայ. Փեսքով՝ Ուքրանիոյ հետ բանակցութեանց  մասին

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները երբեք կարելի չէ բացառել։ Այս մասին ՌԻԱ Նովոսթիին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով։

«Բայց տեղաշարժ առաջուայ պէս չկայ»,- ընդգծած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք որեւէ շարժ կայ բանակցային գործընթացին մէջ, եւ հնարաւոր է արդեօք բանակցութիւնները վերսկսիլ։

Աւելի վաղ զանգուածային լրատուամիջոցները, յղում ընելով Պետդումայի միջազգային յանձնաժողովի ղեկավար՝ Լէոնիտ Սլուցքիին, որ կը մասնակցէր Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն, հաղորդած էին, որ երկխօսութիւնը առաջիկային կրնայ վերսկսիլ: